Search
Close this search box.

Ազերպայճանական կողմը Բերձորի միջանցքին գտնուող ապօրինի անցակէտին առեւանգած է արցախցի ուսանող մը

 

Հակառակորդի լրասփիւռները կը հաղորդեն երեք ձերբակալուածի մասին

Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնի համաձայն՝ Օգոստոս 28-ին ազերպայճանական կողմը Բերձորի միջանցքին գտնուող ապօրինի անցակէտին առեւանգած է ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ ուսանելու նպատակով Արցախէն Հայաստան մեկնող 22-ամեայ Ալէն Սարգսեանը: Կեդրոնը նշած է թէ առեւանգման պատճառներուն մասին տակաւին հաւաստի տեղեկութիւն չկայ։

Միւս կողմէ, ազերպայճանական լրատու աղբիւրները հաղորդած են, որ Բերձորի միջանցքին երեք հոգի ձերբակալած են, որոնք Պաքուի դատախազութեան պնդումով՝ 2021-ին «անարգած են Ազերպայճանի դրօշը»։ Հակառակորդի իշխանամէտ լրասփիւռները ընկերային ցանցերու վրայ տարածած են նաեւ տեսանիւթեր, ուր հայ ֆութպոլիստներ «կ՚անարգեն» անոնց դրօշը։ Նոյն աղբիւրներուն համաձայն՝ խօսքը կը վերաբերի Մարտունիի «Աւօ» ֆութպոլի խումբին։

Նշենք, թէ Արցախի նախագահին առընթեր հակաճգնաժամային խորհուրդի ղեկավար Տիգրան Պետրոսեան՝ Դիմագիրքեան ուղղակի հաղորդումով տեղեկացուցած է, թէ բացի ուսանող մը առեւանգելէ հակառակորդը ուրիշ մը եւս կը հարցաքննէ։ Ըստ Պետրոսեանի այս միջադէպը ուղղակի կապ ունի ռուս խաղաղապահներու հրամանատար Լենցովի փոփոխութեան հետ։ Ըստ երեւոյթին վերջինս արդէն լքած է Արցախը

Աւելի ուշ, Ստեփանակերտ հաստատած է, որ Ազերպայճանցիներու կողմէ առեւանգուած են երեք երիտասարդներ եւ հրապարակած է անոնց անունները՝ Ալէն Սարգսեան, Լեւոն Գրիգորեան, Վահէ Յովսէփեան: Տղաքը Մարտունիի «Աւօ» ֆութպոլի խումբին մարզիկներն են։