Search
Close this search box.

Ազերպայճանական կողմը կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ 

Նահատակուած է հայ զինուոր մը

Մայիս 28-ին, ազերպայճանական զինեալ ուժերը տարբեր տրամաչափի հրացանաձգային զինատեսակներով, նաեւ՝ դիպուկահար հրացաններով կրակ բացած են հայ-ազերպայճանական սահմանի հարաւ-արեւելեան հատուածին մէջ գտնուող հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով հայ զինուոր մը ծանրօրէն վիրաւորուելով՝ փոխադրուած է հիւանդանոց։ Կարելի չէ եղած փրկել երիտասարդին կեանքը։

Պատասխան գործողութիւններով թշնամիին կրակը լռեցուած է: