Ազերպայճանական յարձակումներուն հետեւանքով զոհուած են հինգ զինուոր հայուհիներ

 

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը հրապարակած է ազերպայճանական յարձակումներուն հետեւանքով զոհուած հինգ զինուոր հայուհիներուն անունները.-

Սուսաննա Գրիգորեան, Անոյշ Ապետեան, Ալիսա Մելքոնեան, Իրինա Գասպարեան, Գայիանէ Աբգարեան:

«Նրանք, մինչեւ վերջ կատարելով Հայրենիքի` իրենց վստահուած սահմանի պաշտպանութեան սուրբ առաքելութիւնը, ցուցաբերել են բացառիկ խիզախութիւն, աննահանջ պաշտպանուելու վճռականութիւն, դիմագրաւել են քանակապէս գերազանցող թշնամու շարունակական յարձակումներին` նրան պատճառելով կենդանի ուժի մեծաթիւ կորուստներ եւ շարունակելով մեր փառահեղ կին մարտիկների դարաւոր աւանդոյթը:

Յաւերժ փառք Հայրենիքի պաշտպանութեան համար ամենաթանկը` կեանքը զոհաբերած եւ իրենց անուններն անմահացրած մեր բոլոր հերոսներին»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: