Search
Close this search box.

Ազերպայճանական ուժերը տարբեր տրամաչափի հրացանաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են հայկական դիրքերու ուղղութեամբ

 

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ Հոկտեմբեր 8-ի երեկոյեան Ազերպայճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրացանաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են հայ-ազերպայճանական սահմանի արեւելեան կողմը տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: 

Հայկական ուժերը պատասխան գործողութիւններով կասեցուցած են հակառակորդին յարձակումը:

Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, որ իբր թէ հայկական ուժերն են, որ ազերպայճանական դիրքերու ուղղութեամբ կրակ բացած են, յաջորդական ապատեղեկատւութիւն է։