Search
Close this search box.

Ազերպայճանական վերջին հնարքը՝ «Նորավանքը՝ մոնղոլական»

Որոշ ժամանակէ ի վեր վարժուած էինք տեսնելու, լսելու թէ Արցախի բոլոր, նոյնիսկ Հայաստանի որոշ հայկական դարաւոր եկեղեցիները «աղուանական» են։

Ներկայիս, հայկականը այլ մշակոյթի վերագրելու ազերպայճանական այս անսանձ արշաւը նոր փուլ մը թեւակոխած է։ Համացանցի ընկերային ցանցերու վրայ հանդիպեցանք ազերպայճանցի օգտատէրի մը հրապարակումին, ուր Հայաստանի Վայոց Ձորի Նորավանքը կը ներկայացուի որպէս «Արեւմտեան Ազերպայճանի մէջ մոնղոլական եկեղեցի»։ 

Մէկ քարով՝ երկու թռչուն՝

– «Արեւմտեան Ազերպայճան»,

– Նորավանքը՝ «մոնղոլական»։

«Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի ցնորքին մասին ազերպայճանական յաւակնութիւնները արդէն ծանօթ են բոլորիս։

Իսկ հայկականութիւնը դարաւոր փաստերով ապացուցուած կրօնական (եւ ոչ միայն կրօնական) ժառանգութիւնը օտարելու ազերպայճանական արշաւին մէջ, որքան անհաւատալի, նոյնքան անհեթեթ փորձ մըն է այս մէկը, նկատի ունենալով որ մոնղոլ ժողովուրդը քրիստոնեայ փոքրամասնութիւն գրեթէ չէ ունեցած եւ այսօր համաշխարհայնացման ներկայ պայմաններուն մէջ իսկ գրեթէ չունի։  Զեղծարարութիւնն ալ կը պահանջէ նուազագոյն ճիգ մը, որ հոս զլացուած է, ինչպէս անդին զլացուած էր՝ վրան հայերէն «Գեղարդ» արձանագրութեամբ հայկական գաթային՝ որպէս ազերպայճանական խմորեղէններու լաւագոյն նմուշ ներկայացման պարագային։ 

Եթէ ազերպայճանցիները քանի մը շաբաթը անգամ մը իրենց զեղծման մէջ այսպէս փոխեն ազգային պատկանելիութիւնը հայկական կրօնական ու մշակութային ժառանգութեան, զեղծարարութեան բնագաւառին մէջ ցուցաբերած իրենց անփութութեամբ ալ՝ թերեւս քանի մը ամիսէն չինական, էսքիմոյական պատկանելիութեան պնդումներէ ետք՝ կարգը վերստին հասնի հայկական պատկանելիութեան։

Երգիծականը մէկդի, կա՛յ նաեւ մետալին դարձերեսը՝ շատ աւելի լուրջ ու մտահոգիչ։ Ինչպէս նացիական Գերմանիոյ վարչակազմը կը սիրէր պնդել յաճախ՝ «Իրականութեան մէջ՝ սուտ գոյութիւն չունի։ Կը բաւէ սուտ մը կրկնել քանի մը անգամ, որ ընկալուի որպէս “իրականութիւն”»։