Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ըսելով որ իբրեւ թէ 2022 Մայիս 28-ին չէ խախտած հրադադարը։ Պաքու պնդած է, որ իր հասցէին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մեղադրանքները հրադադարի ենթադրեալ խախտման վերաբերեալ «ապատեղեկատւութիւն են» (ընդգծումը՝ մեր կողմէ):
«Այն պահուն, երբ ջանքեր կը գործադրուին երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ, հայկական կողմին “զրպարտիչ և ապակառուցողական” (ընդգծումը՝ մեր կողմէ) յայտարարութիւնները նպատակ ունին խարխլելու կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը, ինչպէս նաև պետական սահմանազատման գործընթացը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան վերջին օրերուն ցուցաբերած “ապակառուցողական” (ընդգծումը՝ մեր կողմէ) մօտեցումը ակնյայտօրէն ուղղուած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման պրիւսէլեան հանդիպումներու արդիւնքներու խաթարման»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։