Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս հակազդած է հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին վարչապետ Փաշինեանի այս յայտարարութիւններուն։
«Փաշինեանի յայտարարութիւնները կասկածի տակ կը դնեն տարածաշրջանի մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու Երեւանի ցանկութիւնը։
Վարչապետ Փաշինեանին կը յիշեցնենք՝… տարածքներու «ազատագրումէն» (ընդգծումը՝ «ՆՅ») ետք, երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման կողմնակիցն ու նախաձեռնողը Ազերպայճանն էր:
Ազերպայճան հակառակ կողմին ներկայացուցած է այն կարեւոր սկզբունքները, որոնց վրայ պէտք է հիմնուած ըլլայ [խաղաղութեան] պայմանագիրը։ Եթէ Ազերպայճան,– ինչպէս կը պնդէ Փաշինեան,– պատերազմ ուզէր, ապա այդ քայլերու կարիքը, հաւանաբար, պիտի չըլլար։
Ազերպայճանական կողմը ոչ միայն յայտարարութիւններ կը հրապարակէ երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման, տարածաշրջանի բոլոր հաղորդակցութիւններու բացման եւ կողմերու միջեւ ապագայ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ուղղութեամբ, այլեւ յայտարարուածը կը գործադրէ իր գործողութիւններով եւ յստակ քայլերով…
Կը յուսանք, որ Հայաստանին շատ ժամանակ հարկ չ՚ըլլար՝ գիտակցելու «արդէն իրականութիւն դարձած» (ընդգծումը՝ «ՆՅ) «Զանգեզուրի միջանցքի» (ընդգծումը՝ «ՆՅ») գործունէութեան արդիւնաւէտ ըլլալը…
Հայաստանի վարչապետը, առանց յստակ փաստերու անդրադառնալու, յայտարարեց, որ ազերպայճանական կողմը նուազագոյնըմէկ անգամ պոյքոթի ենթարկած է հանդիպումը։ Եթէ սկսինք թուարկել յետպատերազմեան փուլին միջազգային միջնորդներու մասնակցութեամբ ցարդ առաջարկուած եւ Հայաստանի կողմէ տարբեր պատրուակներով «խախտուած» (ընդգծումը՝ «ՆՅ»), ինչպէս նաև անոնց սկսելէն 1-2 ժամ առաջ հայկական կողմի «սադրանքներուն» (ընդգծումը՝ «ՆՅ») պատճառով յետաձգուած հանդիպումները, ապա ցանկը շատ երկար պիտի ըլլայ։
Եթէ Հայաստան իրապէս խաղաղութիւն կ՚ուզէ, պէտք է յստակ քաղաքական կամք ցուցաբերէ եւ դէպի խաղաղութիւն յստակ քայլերու ձեռնարկէ, այլ ոչ թէ «ժամանակ վատնէ» (ընդգծումը՝ «ՆՅ») ա՛յն ձեւաչափի վերակենդանացման վրայ (ակնարկը՝ Մինսքի խումբին է – «ՆՅ»), որ «շատ քիչ արդիւնաբեր է» (ընդգծումը՝ «ՆՅ»), եւ որու անդամները այժմ «բացայայտ կ՚ընդունին այդ ձեւաչափի գործունէութեան անկարելիութիւնը»(չակերտները` «ՆՅ»)»,– նշուած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։