Search
Close this search box.

Ազերպայճանի գլխաւոր դատախազ. «Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի ղեկավարութեան գործով կը ստեղծուի յատուկ քննչական խումբ մը» 

ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Ազերպայճանի գլխաւոր դատախազ Քեամրան Ալիեւ յայտարարած է, թէ Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի ղեկավարութեան գործով պիտի ստեղծուի յատուկ քննչական խումբ մը:

“Բոլոր հետաքննութիւնները կ՚իրականացուին Ազերպայճանի օրէնսդրութեան եւ միջազգային համաձայնագրերուն  համապատասխան: Ազերպայճանի ժողովուրդն ալ տեղեակ կը պահուի այս հետաքննութեանց ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին։ Նախաքննութիւնը աւարտելէ ետք գործը պիտի ղրկուի դատարան”,– ըսած է ան: