Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ Փետրուար 24-ի կէսօրուան ժամերուն Ազերպայճանցի զինեալները կրակ բացած են Վերին Շորժայի (Գեղարքունիքի մարզ) հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Նախարարութիւնը նաեւ կը հաղորդէ, թէ Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը, որ իբրեւ թէ նոյն օրը, նոյն ժամուն հայկական կողմը կրակ բացած է սահմանագօտիի արեւելեան կողմը հաստատուած ազերպայճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաեր իրականութեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։