Search
Close this search box.

Ազերպայճանի զինեալները հայ պահեստազօրային մը ձերբակալած են. անոր դէմ քրէական գործ յարուցուած է

Պաքու կը պնդէ, թէ Օգոստոս 16-ի կէսօրին, Քարվաճառի ուղղութեամբ հետախուզական ներթափանցման փորձ կատարուած է, իսկ իրենք կրցած են հրազէնի գործածութեամբ կասեցնել զայն։ Վիրաւորուած զինուորն ալ ձերբակալուած է. ան կը մեղադրուի Ազերպայճանի պետական սահմանը անցնելու եւ ահաբեկչութեան յօդուածներով։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է մեղադրանքը, զայն բացարձակ յերիւրածոյ համարելով, միաժամանակ տեղեկացնելով, որ կը քննեն հայ պահեստազօրայինի՝ ազերպայճանական կողմը յայտնուելուն հաւանական վարկածը եւ բոլոր հանգամանքները։

Նախարարութիւնը՝ Պաքուի յայտարարութեան կեղծ ըլլալը փաստելու համար հրապարակած է տեսանիւթ մը, ուր կ՚երեւի, թէ ինչպէս ազերի զինեալները կը մօտենան զինուորականի մը, կը նստեցնեն իրենց կառքը եւ կը հեռանան տարածքէն՝ անծանօթ ուղղութեամբ։

Նշենք, թէ ազերպայճանական կողմը հրապարակած է ձերբակալուածին անունը. ան 1983-ին ծնած Գագիկ Ոսկանեանն է: