Search
Close this search box.

Ազերպայճանի զինեալներուն արձակած գնդակէն հայ փոխգնդապետ մը նահատակուած է

Դեկտեմբեր 4-ի յետմիջօրէին, Ազերպայճանի զինեալ ուժերը կրակ բացած են Բարձրունիի (Վայոց ձորի մարզ) հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով նահատակուած է Եղէգնաձորէն 31-ամեայ փոխգնդապետ Գերասիմ Առաքելեան։

Նոյն օրը Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտած է Պաքուի գրգռիչ արարքը եւ խաղաղութեան գործընթացքը ձգձգելու նպատակ հետապնդող նման գործողութիւնները։

Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը անմիջապէս հակազդելով հերքած եւ «յերիւրածոյ» որակած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդած տեղեկութիւնը։