Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ Սեպտեմբեր 21-ի երեկոյեան Ազերպայճանի զինեալ ուժերը ականանետերու եւ խոշոր տրամաչափի հրացանաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են հայ-ազերպայճանական սահմանի արեւելեան հատուածի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Պատասխան գործողութիւններով հակառակորդի կրակը լռեցուած է:
Հայկական կողմէն հայ զինուոր մը վիրաւորուած է։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։