Search
Close this search box.

Ազերպայճանի ընդհանուր դատախազը անդրադարձած է Արցախի բանտարկուած ղեկավարներու հարցին

Ազերպայճանի ընդհանուր դատախազ Քեամրան Ալիեւ անդրադարձած է անցեալ Սեպտեմբերէն ի վեր առեւանգուած, ապօրինաբար Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու ճակատագրին։ Լրագրողներու հետ ասուլիսին ան նշած է, թէ «Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պաշտօնեաներու նկատմամբ հետաքննութիւնը կը շարունակուի միջազգային պայմանագրերու համաձայն»։

“Այդ անձերը Ազերպայճանի տարածքին զբաղած են անջատողականութեամբ, ապօրինի գործելով, փաստօրէն ենթարկուելով Հայաստանին։ Կը ձեռնարկուին լայնածաւալ քննչական միջոցներու. մեծ աշխատանք կայ։ Քննչական գործողութիւնները կը կատարուին միջազգային համաձայնագրերու եւ երկրի օրէնքներու պահանջներուն համապատասխան։ Քրէական գործը աւարտելէ եւ անոնց նկատմամբ վերջնական մեղադրանքի առաջադրուելէն ետք, գործը կը յանձնուի դատարան”,– շեշտած է Ալիեւ։