Ազերպայճանական լրասփիւռներու համաձայն՝ Ազերպայճանի ընդհանուր դատախազ Քեամրան Ալիեւ յայտարարած է, թէ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու նկատմամբ նախաքննութիւնը աւարտած է եւ անոնց «գործերը» յառաջիկային կը ներկայացուին դատարան։
Ինչպէս ծանօթ է, 2023 Սեպտեմբերին Արցախի նկատմամբ Ազերպայճանի գործադրած զանգուածային ռազմական յարձակման հետեւանքով մեր ռազմաքաղաքական ղեկավարները ապօրինաբար ձերբակալուած ու բանտարկուած են Պաքուի մէջ։ Անոնք կ՚ամբաստանուին «ահաբեկչութեան, ահաբեկչութեան գանձատրման, օրէնքով չնախատեսուած զինեալ կազմաւորումներ ու խմբաւորումներ ստեղծելու, ահաբեկչութեան նպատակով ռազմական վարժանքներ կազմակերպելու» մեղադրանքով։
Այժմ Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինաբար շղթայուած կը մնան Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարներ՝ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Ռուբէն Վարդանեան, Դաւիթ Իշխանեան, Դաւիթ Բաբայեան, Լեւոն Մնացականեան, Դաւիթ Մանուկեան, ինչպէս նաեւ տասնեակէ մը աւելի հայ ռազմագերիներ ու պարզ քաղաքացիներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։