Ազերպայճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովա Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման նախադրեալներու նկարագրութեան համար վկայակոչած է «երկաթէ բռունցքը»։
Խորհրդարանի նիստին, Կաֆարովա յայտնած է, թէ Հարաւային Կովկասի կայունութիւնը լեռներու ետեւը չէ. “Անոնք, որոնք ծուռ աչքով կը նային մեզի եւ յաւակնութիւններ ունին մեր հողերուն նկատմամբ, որոնք տակաւին չեն կրցած մարսել մեր յաջողութիւնը, երբեք պէտք չէ մոռնան, որ կա՛յ «երկաթէ բռունցքը»”։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։