«Ազերպայճանի ղեկավարութիւնը պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկուի»

 

Արցախի անկախութեան նուիրուած ձեռնարկ՝ ԱՄՆ-ու Գոնկրէսին մէջ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գոնգրէսին մէջ կայացած Արցախի անկախութեան նուիրուած ձեռնարկին մասնակցած են Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, Գոնկրէսի հայկական հարցերու յանձնախումբի անդամները:

Իր ելոյթին մէջ նախարար Բաբայեան շեշտած է, որ Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ազերպայճանի կազմին մէջ՝ ընդգծելով գոյացական եւ ցեղասպանական սպառնալիքները, որոնց դէմ-յանդիման կը գտնուի Արցախի ժողովուրդը: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ-ու եւ ամբողջ աշխարհի հայկական համայնքներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի բոլոր աջակիցներուն: “Մենք կը պայքարինք ո՛չ միայն մեր ապագային, այլ նաեւ անցեալին, ներկայն եւ ամբողջ մարդկութեան համար”,– ըսած է նախարարը:

Գոնկրէսական Էտըմ Շիֆ իր ելոյթին ընդգծած է, որ ԱՄՆ պէտք է դադրեցնէ որեւէ տեսակի աջակցութիւն Ազերպայճանին, պատիժներ կիրարկէ եւ պատասխանատւութեան ենթարկէ այդ երկրի ղեկավարութիւնը՝ պատերազմական ոճիրներու համար:

Ձեռնարկին ներկայ եղած է գոնկրէսական Ֆրենք Փալոն, որ նոր վերադարձած էր Հայաստանէն։ Ան նշած է, թէ իրենց առաքելութեան կարեւոր բաժինն էր՝ երաշխաւորել Հայաստանի ժողովրդավարութեան զարգացման շարունակականութիւնը, շեշտելով որ՝ Արցախն ալ ատոր մէկ մասն է:

Գոնկրէսական Ճիմ Գոսթա դատապարտած է Ազերպայճանի վերջին յարձակումը Հայաստանի վրայ, նշելով որ՝ ԱՄՆ պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկէ Ազերպայճանը: Ան կոչ ուղղած է վերանայելու Ազերպայճանին տրամադրուող որեւէ աջակցութիւն։ 

Գոնկրէսական Ճուտի Շու իր կարգին յայտնած է, որ Ազերպայճան արգիլած է իր մուտքը, եւ ատիկա մեծ պատիւ է իրեն համար:  Ան ընդգծած է Ազերպայճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնը դադրեցնելու եւ Արցախին յատկացուող օգնութիւնը ընդլայնելու անհրաժեշտութիւնը:

Խմբագրական