«Մայիս 6-ին, Ազերպայճանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպան Մարք Լիպպի կնոջ հետ այցելեց Վարանդա եւ Շուշի: Ան հանդիպում ունեցաւ Պաքուի կառավարութեան ներկայացուցիչներուն եւ տեղացի ուսուցիչներուն հետ։ Այս վերջինները մասնակցած էին ԱՄՆ-ու դեսպանութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած անգլերէն լեզուով ծրագրաւորման դասընթացներուն»,– նշուած է դեսպանութեան X-ի հաշիւի գրառման մէջ։
Նշենք, թէ Մայիս 3-ին ազերպայճանական լրասփիւռներու հետ հանդիպումին դեսպանը յայտնած էր, թէ ինչո՞ւ կը մերժէ այցելել Շուշի։ “Ակնյայտ է, որ վերադարձուած տարածքները քիչ մը տարբեր են, առաւել համակարգում կը պահանջեն։ Բայց ես չեմ ուզեր երթալ որեւէ տեղ՝ ոեւէ մէկու մը շօուին մասնակցելու համար։ Այնպէս որ, երբ ժամանակը գայ, այն ատեն կ՚երթամ”,– ըսած էր Լիպպի։
Աւելցնենք, թէ ամերիկացի դիւանագէտը՝ այս յայտարարութենէն ետք բուռն կերպով քննադատուած էր իշխանական մամուլին կողմէ։ Caliber.az-ը նոյնիսկ առաջարկած էր դեսպանը վտարել երկրէն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։