Search
Close this search box.

Ազերպայճանի մէջ կը սպառնան Արցախէն վտարել Հայերը եւ «լուծել Ռուբէն Վարդանեանի հարցը»

 

Ազերպայճանի խորհրդարանի Պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ եղծանման դէմ պայքարի յանձնաժողովի փոխնախագահ Հիքմեթ Պապաօղլու յայտարարած է, թէ «Հայկական անջատողականութեան վերածնունդին համար նախատեսուած հնարաւոր բեմագրութիւններէն մէկը Ղարաբաղ բնակող Հայերուն զանգուածաբար Ռուսաստանի քաղաքացիութիւն տալն էր, որպէսզի ցոյց տային, որ անոնք կը գտնուին Ռուսաստանի պաշտպանութեան ներքոյ եւ այդպէսով անջատողական գործունէութեան նոր կարելիութիւններ կ՚ունենային»։

Պապաօղլուի պնդումով՝ «44-օրեայ պատերազմին խուճապի մատնուած Հայերը կոչ կ՚ընէին Ղարաբաղը միացնել Ռուսաստանին, իսկ այսօր Ազերպայճանի ճիշդ ռազմավարական դիւանագիտութեան շնորհիւ ռուսական անձնագրերով Հայերը արդէն կը մեկնին Ղարաբաղէն»։

«Այս նաեւ ուղերձ մըն է անոնց, որոնք չեն ուզեր ապրիլ Ազերպայճանի օրէնքներով։ Սա կը յուշէ, որ Ազերպայճանի մէջ անկարելի է ստեղծել “ռուսական աշխարհ” կամ “հայկական աշխարհ”։ Հետեւաբար Հայերը պէտք է հետեւութիւններ ընեն տեղի ունեցածէն։ Ռուսական անձնագրեր ունեցողներէն ետք Ղարաբաղի 10.000 բնակիչ եւս պէտք է անյապաղ լքէ մեր երկիրը. 30 տարիներու բռնագրաւման ընթացքին Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ Ղարաբաղ բերուածները նոյնպէս պէտք է անյապաղ հեռանան մեր տարածքէն։ Այն Հայերը, որոնք չեն խախտեր Ազերպայճանի օրէնքները, կրնան մնալ եւ ապրիլ մեր երկրին մէջ, սակայն ժամանակը կը սպառի եւ այս գործընթացը պէտք է մինչեւ տարեվերջ իր աւարտին հասցնել։ 

Ինչ կը վերաբերի Ռուբէն Վարդանեանին, որ ռուսական անձնագիր ունի, ապա անոր ճակատագիրը համապատասխան կարգով կ՚որոշեն Ազերպայճանի յատուկ ծառայութիւնները»,– ազերի երեսփոխանին վերոնշեալ խօսքերը մէջբերած է ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը։