«Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամը՝ 1990-ի Յունուար 13-ին ազերպայճանական ջարդարար ամբոխին ձեռամբ կատարուած Պաքուի հայերու կոտորածին 35-րդ տարելիցին առիթով հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր յատկապէս նշուած է.
«1990 Յունուար 13-ին Պաքուի մէջ ծայր առին եւ մէկ շաբաթ շարունակուեցան քաղաքի հայ բնակչութեան՝ նախօրօք ծրագրուած ու կազմակերպուած ջարդերը։ Ազերպայճանցի ջարդարար ամբոխը՝ կառավարութեան խրախուսումով ու արտօնութեամբ, նախապէս ճշդուած հասցէներով յարձակեցաւ հայերուն վրայ։ Ծեծեցին, կողոպտեցին ու սպանեցին հարիւրաւոր հայեր։
Ջարդերու ընթացքին սպանուած հայերու յստակ թիւը յայտնի չէ, սակայն ամենայն հաւանականութեամբ կը հասնի քանի մը հարիւրի։ Պաքուի մէջ, ուր 1988-ին կ՚ապրէր աւելի քան 200 հազար հայ, 1990 թուականի ջարդերէն ետք այլեւս հայ չէ մնացած։
Այս ջարդերու եւ անոնց հետեւած՝ հայ բնակչութեան տեղահանութեան ընթացքին «Ազերպայճանի Ժողովրդական ճակատ» կուսակցութիւնն ու իշխանութեան մարմինները կը գործէին միասնաբար։
Յունուար 13-ի Պաքուի բազմահազարնոց հանրահաւաքէն ետք, ցուցարարները, «Եթէ ուզենք, հայերուգլուխներէն երկրորդ Արարատ կը սարքենք», «Հայե՛ր, դու՛րս», «Մա՛հ հայերուն» հակահայկական կարգախօսներ վանկարկելով, ներխուժեցին հայերու բնակարանները, խանութներ, աշխատավայրեր։ Ականատեսներու վկայութիւններով՝ ամբոխը բնակիչները պատշգամներէն վար կը նետէր, ողջ-ողջ կը հրկիզէր, աղջիկներն ու կիները կը բռնաբարէր, կը խոշտանգէր, կը մասնատէր եւ տանջամահ կ՚ընէր։ “Ես տեսայ, թէ ինչպէս 9-րդ յարկէն կին մը վար նետեցին”,– հետագային պիտի վկայէր ազերպայճանցի նշանաւոր քաղաքական ապաստանեալ, քաղաքագէտ Արիֆ Եունուսով։
“Ես անձամբ վկայ եղայ երկաթուղիի կայանին մօտերը սպանութեան երկու հայերու։ Հաւաքուած ամբոխը անոնց վրայ պենզին լեցուց եւ հրկիզեց, մինչ Նասիմի ոստիկանատունը կը գտնուէր հազիւ երկու հարիւր մեթր անդին, ուր տեղակայուած էին ներքին զօրքերու 400-500 զինուորներ, որոնցմէ ոմանք կառքերով, շուրջ 20 մեթր հեռուէն անցան այդ ածխացած դիակներուն։ Ո՛չ ոք փորձեց ցրել ամբոխը”,– քանի մը օր ետք պիտի ըսէր «Ազերպայճանի Ժողովրդական ճակատ»-ի առաջնորդներէն Էթիպար Մամետով։
Ջարդերու երրորդ օրը՝ 1990 Յունուար 15-ի իր թիւին մէջ «Լոս Անճըլըս Թայմզ»-ը կը գրէր․ «Այրեր, կիներ եւ երեխաներ, թէ՛ երիտասարդներ, թէ՛ ալ ծերեր, կ՚ենթարկուէին յարձակման եւ յաճախ կը սպանուէին հայ ըլլալնուն պատճառով: Ազերպայճանի մէջ հայ ըլլալը մահուան դատավճիռ էր»։
Փաստերը թաքցուած ըլլալով կամ՝ չհրապարակուած, ցարդ ստոյգ չէ Պաքուի մէջ սպանուած եւ ջարդերու հետեւանքով մահացած հայերուն թիւը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։