Ազերպայճանի լրասփիւռներուն համաձայն՝ Ներքին գործոց նախարարութեան (ՆԳՆ) մամլոյ ծառայութիւնը մեկնաբանած է ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած տեղեկութիւնը, ըստ որուն՝ Պաքուի կեդրոնը վաճառքի հանուած են Հայաստանի վերաբերող գիրքեր։
Ազերպայճանի ՆԳՆ-ն յայտարարած է, թէ դէպքին շուրջ հետաքննութիւն կը կատարուի եւ արդիւնքը կը զեկուցուի հանրութեան։
Minval.az կայքին վրայ հրապարակուած տեսանիւթին մէջ կ՚երեւի, որ գրքոյկներէն երկուքին վրայ գրուած է «ditord» (դիտորդ), որոնք 2002 թուակիր են։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։