Search
Close this search box.

Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը «անհիմն» որակած է Էրտողանի՝ «Ղարաբաղ մտնելու» մասին յայտարարութիւնը

Ազերպայճանէն հակազդած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութեան, թէ «Անգարա պաղեստինցիներուն օգնելու համար կրնայ մտնել Իսրայէլ, ինչպէս ըրած է Ղարաբաղի եւ Լիպիոյ պարագային»։

“Ազերպայճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան վերականգնման միտող ռազմական գործողութիւններու մէջ որեւէ երկրի զինեալ ուժերու մասնակցութեան մասին յայտարարութիւնները անհիմն են”,1news.az լրասփիւռի հետ զրոյցին նշած է Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչ մը, շեշտելով թէ 44-օրեայ պատերազմին Թուրքիա մի՛այն «քաղաքական աջակցութիւն» ցուցաբերած է։

“44-օրեայ պատերազմին Թուրքիա եւ Փաքիստան քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերած են Ազերպայճանին, որու համար ալ նախագահ Ալիեւ իր ելոյթներուն քանիցս երախտագիտութիւն յայտնած է այդ երկիրներուն։ 2020-ի պատերազմին ալ որեւէ երկրի անձնակազմ չէ մասնակցած ռազմական գործողութիւններուն”,– ըսած է ան։