Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան «Պատմամշակութային Ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոն»-ը ահազանգ կը հնչեցնէ, թէ Ազերպայճանցիները աւերած են Արցախի Ծար գիւղին մէջ գտնուող արցախեան ազատամարտի ընթացքին զոհուած հայ զինուորներուն նուիրուած յուշահամալիրը. անհետացած է 1224 թ․ արձանագիր խաչքարը։
«Համացանցի մէջ յայտնուած լուսանկարները ցոյց կու տան, որ Ծար գիւղի 13-րդ դարու նշանաւոր խաչքարը անհետացած է։ Մեր դիտարկումները եւ որոնումները խաչքարին ֆիզիքական վիճակին վերաբերեալ արդիւնք չտուին։ Նկատի ունենալով Ազերպայճանի վարած բարբարոս քաղաքականութիւնը հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան նկատմամբ՝ կարելի է ենթադրել, որ հայկական խաչքարագործութեան այս եզակի օրինակը եւս ոչնչացուած է»,– նշուած է վերոնշեալ կեդրոնի Դիմագիրքի էջին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։