Փետրուար 1-ին, Ազերպայճանի Միլլի Մեճլիսին մէջ ելոյթ ունենալով երեսփոխան Աքիլ Ապաս սպառնացած է նախագահ Մաքրոնին եւ հպարտացած հայաթափուած Արցախի «նորոգուած եկեղեցիներով»։
“Ֆրանսային ուրանիում պէտք է եւ անոր միակ յոյսը այժմ Ղազախստանն է։ Ղազախստանէն Ֆրանսա երկու ճամբայ կայ՝ կամ Ռուսաստանով կամ Ազերպայճանով։ Ռուսաստան չ՚արտօներ, կը մնայ Ազերպայճանը։ Ի՞նչ պիտի ընէ Ֆրանսա, եթէ մենք պատիժներ կիրարկենք այդ երկրին դէմ”,– ըսած է «ոգեւորուած» խորհրդարանականը։
Ա՛լ աւելի ոգեշնչուելով՝ Ապաս յայտարարած է. “Շատ կ՚ուզէի, որ Մաքրոնը Ազերպայճան հրաւիրէին։ Թող ան գայ եւ տեսնէ, թէ հոս ինչպէ՛ս կ՚ապրին Հայերը («ՆՅ» – Ո՞ր Հայերը)։ Մենք չենք քանդեր եկեղեցիները եւ սինակոկները։ Թող Մաքրոն գայ եւ տեսնէ, թէ ինչպէս կը նորոգենք Շուշիի եկեղեցիները։ Բայց, ազնիւ խօսք, եթէ ես նման կարելիութիւն ունենայի, այդ եկեղեցիները չէի նորոգեր”։
Ազերպայճանցի լկտի երեսփոխանը կը պարծենայ հայկական եկեղեցիներու խաչերը տապալելով, մեր մշակութային ժառանգութիւնը իւրացնելով, եւ անպատկառօրէն այս բոլորը՝ ցեղային զտման սպառնալիքի եւ բռնագրաւուած Արցախի համատարած հայաթափման ենթախորքին վրայ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։