Search
Close this search box.

Ազերպայճանցի զինեալներուն արձակած կրակի հետեւանքով հայկական կողմը ունի 4 զոհ եւ 1 վիրաւոր

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝  Փետրուար 13-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն ազերպայճանցի զինեալները կրակ բացած են Սիւնիքի մարզի Կապան համայնքի Ներքին Հանդ բնակավայրի շրջանը տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ, որու հետեւանքով նահատակուած են չորս հայ զինուորներ, մէկ հոգի ալ վիրաւորուած է։ Վիրաւոր զինուորի կեանքին վտանգ չի սպառնար. անոր առողջական վիճակը կը գնահատուի միջին ծանր։

Հայաստան կը դատապարտէ

Հայաստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտած է Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւնները, այդ երկրին կոչ ընելով զերծ մնալու կացութիւնը ապակայունացնող քայլերէ եւ վերադառնալու բանակցութիւններու սեղան։

«Եւս մէկ անգամ վերահաստատում ենք հայկական կողմի նախապէս ներկայացրած առաջարկները՝ իրականացնելու սահմանային անվտանգութեան ապահովման ուղղուած վստահելի միջոցառումներ»,– նշուած է ԱԳ նախարարութեան նոյն օրը հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան Փետրուար 12-ին հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որ իբրեւ թէ հայկական ուժերը կրակ բացած են սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան կողմը տեղակայուած ազերպայճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան։

Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին կոչը

Այս կապակցութեամբ Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փեյչինովիչ հետեւեալ գրառումը կատարած է X ընկերային ցանցի իր հաշիւին.

«Կոչ կ՚ընեմ երկու կողմերուն ձեռնպահ մնալու ուժի կիրարկումէն: Երկխօսութիւնը կայուն խաղաղութեան միակ ճամբան է»։

Ինչպէս կ՚երեւի, ազերպայճանական յաջորդական գրգռութիւնները իրարու կը յաջորդեն եւ միջազգային հասարակութեան կեցուածքին մէջ բան չի փոխուիր ու նախայարձակն ու զոհը կը դրուին նոյն կշիռքին վրայ։