Search
Close this search box.

Ազերպայճան այս անգամ Թուրքիայէն կը սպառնայ Հայաստանին

Ազերպայճանական լրասփիւռներու համաձայն՝ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Օգոստոս 27-ին Անգարայի մէջ Ազերպայճանի իր պաշտօնակից Ճեյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումին յայտարարած է, թէ երկու երկիրները միշտ ալ գործած են «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» նշանաբանով։ Ան նաեւ ընդգծած է, թէ ազերպայճանցի իր պաշտօնակցին հետ քննարկած է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը՝ աւելցնելով, որ Ազերպայճան եւ Թուրքիա կը շարունակեն միատեղ քայլեր ձեռնարկել խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։

Իր կարգին Պայրամով ըսած է, թէ ազերպայճանական կողմը Հայաստանին ներկայացուցած է խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծը եւ 5 հիմնական սկզբունքներ։

“Նախագիծի զգալի մասը համաձայնութեան արժանացած է բանակցութիւններու ընթացքին, սակայն Հայաստանի Սահմանադրութիւնը եւ որոշ այլ իրաւական ակտեր տակաւին տարածքային պահանջներ կը պարունակեն Ազերպայճանի նկատմամբ։ Միաժամանակ, գաղտնիք չէ, որ Հայաստան նաեւ տարածքային պահանջներ ունի Թուրքիայէն։ Ներկայիս խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ամէնէն մեծ խոչընդոտը Հայաստանի Սահմանադրութիւնն է”,– շեշտած է Պայրամով։