Վագիֆ Խաչատրեան
Օգոստոս 6-ին, Կարմիր խաչի ներկայացուցիչները այցելած են Ազերպայճանի առեւանգած Արցախցի Վագիֆ Խաչատրեանին։ Վերջինս երկտող մը ղրկած է իր ընտանիքին։
Խաչատրեանի դուստրը՝ Վերա Խաչատրեան յայտնած է, թէ Կարմիր Խաչը իրեն յանձնած է հօրը կողմէ երկտող մը, ուր գրուած է՝ «լաւ եմ, ձեր մասին եմ մտածում, սաղութիւն լինի, կը գամ»:
Ռաշիդ Բեգլարեան
Միւս կողմէ, Պաքուի Մարդկային իրաւանց յանձնակատարի ներկայացուցիչները այցելած են առեւանգուած Ռաշիդ Բեգլարեանին։ Լուրը կը հաղորդեն ազերպայճանական լրասփիւռները՝ յղում ընելով յանձնակատարի գրասենեակի հրապարակած տեղեկութիւններուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։