Ազերպայճանի նախագահական ընտրութիւններուն առթիւ որպէս ԵԱՀԿ-ի դէտ Պաքու ժամանած զուիցերացի քաղաքական գործիչ Նիք Կուկեր երեք ժամ օդակայանը վար դրուելէ ետք հոնկէ ուղղակի արտաքսուած է։
Համազգեստով ոստիկանները զինք ձերբակալած են դիւանագիտական մուտքին մօտ՝ գրաւելով անոր անցագիրը եւ արգիլած են մուտքը, մինչ ԵԱՀԿ-ի ուրիշ դէտեր, ի շարս որոնց զուիցերացի պատուիրակութեան անդամները, նման հարցի չեն հանդիպած։
Ազերպայճանի այս վերաբերումին հաւանական պատճառը Հայերու նկատմամբ բռնութեան դէմ Կուկերի հրապարակային քարոզչութիւնն է եւ երկրի ղեկավարութեան ուղղուած անոր խիստ քննադատութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։