Search
Close this search box.

Ազերպայճան բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ արդէն երեք հազար հոգի բնակեցուցած է

 

Ազերպայճանի իշխանութիւնները տեղեկացուցած են, որ բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ արդէն 3 հազար հոգի բնակեցուցած են։

«ԱՓԱ» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ «վերաբնակուածներու» թիւին շուրջ տեղեկութիւնը հրապարակած է Արցախի բռնագրաւուած մայրաքաղաքին մէջ Ազերպայճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Էլչին Եուսուպով։ Ան նշած է, թէ յառաջիկային Ստեփանակերտի եւ յարակից շրջաններուն մէջ վերաբնակեցումը պիտի շարունակուի։ 

“Անոնք պետական ձեռնարկութիւններու աշխատակիցներ են, որոնք կը զբաղին գործարարութեամբ։ Ներկայիս Խանքենտիի (Ստեփանակերտ) մէջ կը գործեն 43 կառոյցներ, ուր կ՚աշխատի 322 հոգի։ Կը նախատեսուի շուտով բանալ  եւս 37 կառոյց։ Ղարաբաղի համալսարանի բացումէն յետոյ կը նախատեսուի աւելցնել բնակիչներու եւ կառոյցներու թիւը”,– ըսած է ան։