Ազերպայճան դարձեալ կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ

 

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացուցնեն, թէ Յուլիս 15-էն 16 գիշերուան ընթացքին, հակառակորդը՝ խոշոր տրամաչափի հրացանաձգային զինատեսակներով կրակ բացած է հայ-ազերպայճանական սահմանի արեւելեան կողմը հաստատուած հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ։

Հայկական կողմի պատասխան կրակէն ետք լռած է թշնամին։