Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Օգոստոս 2-ին Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ հրաւիրած է` Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերու մասնակցութեամբ:
Նիստին քննարկուած է շփման գիծին վրայ նախորդ օր ստեղծուած իրավիճակը:
Օրակարգի յաջորդ հարցը կը վերաբերէր Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կապող միջանցքին: Ազերպայճանական կողմը Արցախի մէջ տեղակայուած խաղաղապահ զօրակազմի միջոցով պահանջ ներկայացուցած է՝ յառաջիկային երթեւեկութիւնը նոր երթուղիով կազմակերպելու վերաբերեալ:
«Արմէնփրէս»-ին տուած հարցազրոյցին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան շեշտած է, որ Արցախը Հայաստանին կապող երթեւեկը Լաչինի միջանցքի փոխարէն այլ երթուղիով կազմակերպելու Ազերպայճանի պահանջը օրինաւոր չէ:
– Պարոն Գրիգորեան, Արցախի նախագահը երէկ (Օգոստոս 2-ին) Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստին յայտարարեց, թէ Ազերպայճան Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան միջոցով պահանջած է Արցախը Հայաստանին կապող երթեւեկը կազմակերպել այլ երթուղիով: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս յայտարարութիւնը:
– Հայաստանի վարչապետի, Ռուսաստանի նախագահի եւ Ազերպայճանի նախագահի՝ 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտին մէջ, ուր սահմանուած են Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքի ստեղծման եւ գործունէութեան առնչուող հարցեր՝ նշուած է հետեւեալը.- «Կողմերու (այսինքն՝ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի) համաձայնութեամբ յառաջիկայ երեք տարուան մէջ կ՚որոշուի Հայաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի կապը ապահովող Լաչինի միջանցքով երթեւեկութեան նոր երթուղիի կառուցման ծրագիրը, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի տեղակայումով՝ այդ երթուղիի պահպանութեան համար»: Այս ընթացքին, ի հարկէ, այս ուղղութեամբ որոշ աշխատանք կատարուած է, բայց սա պահուս համաձայնութեան արժանացած ծրագիր գոյութիւն չունի: Յամենայն դէպս՝ Հայաստան որեւէ ծրագրի համաձայնութիւն չէ տուած, հետեւաբար Ազերպայճանի պահանջը օրինաւոր չէ:
– Բայց դուք յայտարարած էիք, որ Հայաստան կը սկսի Կոռնիձոր-Տեղ-Մ12 երթուղիի վերակառուցման աշխատանքները, որ ենթադրաբար պիտի միանայ Լաչինի միջանցքի նոր երթուղիին:
– Այո՛, այդ շինարարութիւնը արդէն իսկ սկսած է, բայց ուշադրութի՛ւն, եռակողմ յայտարարութեան մէջ նշուած է նոր երթուղիի կառուցման ծրագրի մասին: Համաձայնութեան արժանացած նման ծրագիր գոյութիւն չունի: Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն իսկ առաջարկած է եռակողմ ձեւաչափով համաձայնութեան յանգիլ եւ ստորագրել ծրագիրը եւ բոլոր կողմերու համաձայնած ժամանակացոյցով ու ճանապարհային քարտէսով յառաջանալ: Ա՛յս է որ նախատեսուած է 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։