Լեհաստանի նախագահը ԵՄ-ի դէտերուն հետ
Նոյեմբեր 27-ին, Լեհաստանի նախագահ Անճեյ Տուտա Երասխի մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան լեհական անձնակազմին հետ։
Ինչպէս ծանօթ է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ղեկավարն է Մարքուս Ռիթեր, իսկ անոր տեղակալն է լեհ Մառեք Գուպերսքի։
Լեհաստանի նախագահին՝ հայ ազերպայճանական սահման այցին կապակցութեամբ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր յատկապէս նշուած է.
«Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան անդամներու ուղեկցութեամբ Լեհաստանի նախագահին հայ-ազերպայճանական սահման այցը, ցաւօք, Եւրոպական Միութեան անդամ տարբեր երկիրներու ու եւրոպական կառոյցներու հակաազերպայճանական քաղաքականութեան յաջորդական ցուցադրութիւնն է։
Խորապէս կը ցաւինք, որ պաշտօնապէս Ազերպայճանի ռազմավարական գործընկեր երկրի նախագահը մասնակցած է անընդունելի դիւանագիտական հեռադիտակային շօու-ին, որ կը յանգեցնէ Ազերպայճանի եւ Լեհաստանի միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացման։ Հակառակ Ազերպայճանի պաշտօնատարներու բազմաթիւ դիմումներուն՝ ուղղուած Լեհաստանի նախագահի աշխատակազմին եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան, լեհական կողմը զերծ չէ մնացած այս գրգռիչ քայլէն։ Ազերպայճան ինքզինքին իրաւունք կը վերապահէ ձեռնարկելու համապատասխան դիւանագիտական միջոցներու՝ այս ոչ-բարեկամական գործողութեան դէմ»:
* **
«ՆՅ» – Ինչո՞ւ Ազերպայճան այս աստիճան կ՚անհանգստանայ նման այցէ եւ մա՛նաւանդ ի՞նչ իրաւունքով կը փորձէ «առաջքը առնել» անոր, պետական մակարդակով դիմումներ կատարելով։
Նախ, եթէ ինք քննադատելի որեւէ բան չունենար՝ ինչո՞ւ նման պարզ այցելութիւն մը այս աստիճան խանգարէր զինք։ Երեւոյթը լաւագոյն առիթ է յիշելու մեր ժողովրդական ասացուածքը՝ «գող, սիրտը՝ դող»։
Ապա, խնդրոյ առարկայ այցը կատարուած է,– որքան ալ սահմանին մօտ,– ի վերջոյ Հայաստանի ինքնիշխան հողերուն վրայ։ Հետեւաբար, Պաքու ի՞նչ համարձակութեամբ ձայն կը բարձրացնէ ու կը բողոքէ։ Միթէ այսուհետեւ արտօնութի՞ւն պէտք է ստանալ Պաքուէն Հայաստանի սահմաններէն ներս տեղաշարժերուն համար եւս։
Եւ հուսկ, այսպիսի տրամադրութիւններով զինուած երկրի մը հետ Հայաստան կ՚ակնկալէ ստորագրել «խաղաղութեան» պայմանագիր, որ կրնայ յայտնուիլ աւելի աղէտաբեր քան պատերազմը… դժբախտաբար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։