Search
Close this search box.

Ազերպայճան կը շարունակէ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց տաճարի «վերականգնումը»

Ազերպայճանանական որոշ թելեկրամեան ալիքներ Ապրիլ 15-ին հրապարակած եւ տարածած են Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ «վերականգնման» լուսանկարներ՝ նշելով, որ շինարարութիւնը կրկին վերսկսած է եւ կը կատարուին տանիքի եւ վնասուած պատերու նորոգման աշխատանքները:

Այս առթիւ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման monumentwatch.org  կայքը կը գրէ. «Սակայն լուսանկարներէն կ՚երեւի, որ ազերպայճանական կողմը քանդած է տաճարի ճակատներէն մէկուն վրայի խաչաձեւ լուսամուտը եւ անկէ վեր գտնուող պատկերաքանդակը։

Շուշիի տաճարի իւրաքանչիւր ճակատին վրայ կայ նման խաչաձեւ լուսամուտ մը եւ պատկերաքանդակ մը: Արեւմտեան ճակատի քանդակը կը ներկայացնէր «Խաչակիր Քրիստոսը» նիւթը՝ համապատասխան արձանագրութեամբ:

44-օրեայ պատերազմին ազերպայճանական ռմբակոծութեան հետեւանքով վնասուած էր եկեղեցւոյ նաեւ հարաւային ճակատը՝ խաչաձեւ լուսամուտով հանդերձ, որ յստակօրէն կ՚երեւի տակաւին 2020 Հոկտեմբերին առնուած լուսանկարներուն մէջ: Հետեւաբար ակնյայտ են տաճարի ուղղակի աւերման, ձեւափոխման արարքները, որոնք կը դրսեւորուին տաճարի չակերտաւոր վերականգնման սկիզբէն ի վեր։