Search
Close this search box.

Ազերպայճան կը պնդէ, թէ հայկական կողմը լրացուցիչ ուժեր կը կուտակէ Տաշքեսանի ուղղութեամբ

 

Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը պնդէ, որ հայկական կողմը, իբրեւ թէ, լրացուցիչ ուժեր՝ հետեւակ եւ հրետանի կը կուտակէ Տաշքեսանի (Վարդենիսի հանդիպակաց) ուղղութեամբ:

«Հոկտեմբեր 16-էն մենք կը նկատենք զինուորներու եւ հրետանիի 4 միաւորի տեղադրում Ազերպայճանի բանակի դիրքերուն դիմացը՝ Տաշքեսանի ուղղութեամբ»,– նշուած է Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Պաքուի համաձայն՝ «տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի հնարաւոր լարումի պատասխանատւութիւնը պիտի կրէ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան արձագանգը

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը արձագանգելով Պաքուի այս պնդումներուն՝ յայտարարած է, թէ Վարդենիսի ուղղութեամբ հրետանային սարքերու առկայութիւնը անմիջականօրէն կապուած է Ազերպայճանի զօրքերու կողմէ լրացուցիչ ուժերու եւ միջոցներու տեղաշարժով, որ յառաջացուցած է որոշ լարում: Նշուած է, թէ Հայկական կողմի քայլերը կը կրեն բացառապէս պաշտպանական բնոյթ:

«Հայկական կողմի գործողութիւնները իրադրութիւնը լարելու նպատակ չունեն, եւ ադրբեջանական կողմի՝ յիշատակուած միջոցները տուեալ ուղղութիւնից դուրս բերելու դէպքում, հայկական կողմը եւս դուրս կը բերի իր լրացուցիչ միջոցները: Հայկական կողմը պատրաստ է տուեալ հարցի շուրջ բանակցել»,– ըսուած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։