Search
Close this search box.

Ազերպայճան կրակ բացած է Կութի հայկական դիրքերու անձնակազմին համար սնունդ փոխադրող կառքին ուղղութեամբ

Մէկ զոհ եւ երկու վիրաւոր

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, թէ Հոկտեմբեր 2-ի յետմիջօրէին, Ազերպայճանի զինեալ ուժերը հրացանաձգային զէնքերով կրակ բացած են Կութի շրջանը տեղակայուած հայկական դիրքերու անձնակազմին համար սնունդ փոխադրող կառքին ուղղութեամբ։

Նախարարութիւնը աւելի ուշ կը հաղորդէր, թէ կայ մէկ զոհ եւ երկու վիրաւոր։