Search
Close this search box.

ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Ամանորեայ իր ուղերձին մէջ Ալիեւ կրկին կը սպառնայ Հայաստանին

2025 Յու­նուար 1-ին յղած իր ամա­նորեայ ու­ղերձին մէջ Ազեր­պայճա­նի նա­խագա­հը կրկին կը սպառ­նայ Հա­յաս­տա­նին։ “Հա­յաս­տա­նի լայ­նա­ծաւալ զի­նու­մը եւ անոր մա­հաբեր զէն­քե­րու մա­տակա­րարու­մը կրնայ խա­թարել խա­ղաղու­թիւնը”,– ըսած է Ալիեւ՝ շեշ­տե­լով թէ Հա­րաւա­յին Կով­կա­սը պէտք է դառ­նայ խա­ղաղու­թեան, հանգստու­թեան եւ հա­մագոր­ծակցու­թեան տա­րածաշրջան:

“Միշտ պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ Հա­յաս­տա­նի յար­ձա­կողա­կան քա­ղաքա­կանու­թիւնն ու էու­թիւնը։ Թէ՛ մեր պաշ­տօ­նական յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն, թէ՛ հայ­կա­կան կող­մի հետ մեր բա­նակ­ցութիւննե­րու ըն­թացքին ես բազ­միցս զգու­շա­ցու­ցած եմ եւ հե­տեւա­բար իմ պարտքը կը հա­մարեմ ան­գամ մը եւս զգու­շացնե­լ Հա­յաս­տա­նի ղե­կավա­րու­թիւնը, որ­ խու­սա­փի այս վտան­գա­ւոր ճա­նապար­հէն”,– նշած է Ազեր­պայճա­նի նա­խագա­հը՝ աւելցնե­լով. “Հա­յաս­տան ի վի­ճակի չէ մեր երկրին հետ մրցելու ո՛չ ռազ­մա­կան, ո՛չ որեւէ այլ բնա­գաւա­ռի մէջ”։

Ալիեւ նաեւ յայ­տա­րարած է, թէ նկատի ունե­նալով Հա­յաս­տա­նի հսկա­յածա­ւալ սպա­ռազի­նու­մը՝ Պա­քու աւել­ցուցած է 2025-ի ռազ­մա­կան ամա­վար­կը, զայն հասցնե­լով մրցան­շա­յին մա­կար­դա­կի՝ 8,4 մի­լիառ մա­նաթի (5 մի­լիառ տոլար)։ ■