Թշնամիին կողմէ բռնագրաւուած Շուշիի մէջ Ազերպայճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Այտըն Քերիմով APA գործակալութեան յայտնած է, թէ՝ «արդէն պատրաստուած է Շուշի քաղաքի նոր գլխաւոր յատակագիծը եւ կը նախատեսուի քաղաքին մէջ բնակեցնել 20-25 հազար Ազերիներ։ Առ այդ պիտի կառուցուին 24 շէնքեր»։
Նկատի ունենալով որ այդքան մեծ թիւով Ազերպայճանցիներ կարելի չէ բնակեցնել 24 շէնքերու մէջ, դժուար չէ կռահել, որ անոնք պիտի բնակին Հայերու ձգած տուներուն մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։