Search
Close this search box.

ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ – Հայ անմեղ ու հիւծուած գերիները՝ Պաքուի զինուորական դատարանի վանդակներուն մէջ

Ալիեւի յաջորդական խեղկատակութիւնը

Միջազգային համայնքը լուռ է

Յունուար 17-ին, Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ սկսած է Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն՝ ներառեալ նախկին նախագահներուն եւ նախկին Պետական նախարարին դէմ շինծու «դատավարութիւնը»: Անոնք կ՚ամբաստանուին «ահաբեկչութեան», «ռազմական յանցագործութիւններու», «ցեղասպանութեան» մեղադրանքներով:

Ազերպայճանական լրասփիւռները լուսանկարներ հրապարակած են դատական խեղկատակ նիստէն, ուր հայ գերիները ակնյայտօրէն հիւծուած տեսք ունին։

Հանրահաւաք՝ Երեւանի մէջ

Նոյն օրը, արցախեան եւ հայաստանեան խումբ մը կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ՝ ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ տեղի ունեցած է հանրահաւաք մը՝ հայ գերիները ազատ արձակելու, Արցախի հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու, հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքը ապահովելու եւ անհետացածներուն ճակատագիրը պարզելու պահանջով։

Ցուցարարները ՄԱԿ-ին ուղղուած բողոքագիր մը յանձնած են Գրասենեակի պատասխանատուներուն։

 

Օքամփօ. «Ալիեւի ցուցադրական դատավարութիւնները կը կրկնեն ընդդիմութիւնը ճնշելու Ստալինի մարտավարութիւնը»

Միջազգային քրէական ատեանի նախկին ընդհանուր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ՝ անդրադառնալով Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակազմին կազմակերպած ցուցադրական դատավարութիւններուն, իր պաշտօնական կայքին վրայ հետեւեալը կը գրէ.

«Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւ իր թշնամիները վերացնելու համար կ՚օգտագործէ ստալինեան մարտավարութիւնը, ցուցադրական դատավարութիւնները, որոնք կ՚օգտագործուին Լեռնային Ղարաբաղի հայերը ճնշելու եւ Ազերպայճանի բռնապետական իշխանութիւնը պահպանելու համար։ Այս վարոյթները կանխորոշուած են, հայ գերիները արդէն դատապարտուած են։ Կեղծ մեղադրանքները կը քօղարկեն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին եւ հայ բանտարկեալներու դէմ կատարուած յանցագործութիւնները»: 

Ռուբէն Վարդանեանի՝ բանտին մէջ կրած զրկանքներուն անդրադարձած է BBC-ին

Ռուբէն Վարդանեանի՝ բանտին մէջ կրած զրկանքներուն եւ 422 հատոր պարունակող ամբաստանութեան անդրադարձած է BBC-ին։ Միջազգային լրասփիւռին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յատկապէս կը նշուի.

«Վարդանեան բանտին մէջ կրած է անմարդկային զրկանքներ. աւելի քան երկու օր զայն զրկած են ըմպելի ջուրէ, 24 ժամ լոյսը վառ պահելով՝ քունէ, ստիպած են երկար ժամանակ ոտքի մնալ, աղտոտ ներքնակի վրայ քնանալ, արգիլած են գրել-կարդալ, զայն զրկելով նաեւ բժշկական օգնութենէ։

Այս փաստերը անգամ մը եւս կը յիշեցնեն մարդկային իրաւանց բացայայտ ոտնահարումներու մասին, որոնք տեղի կ՚ունենան Ազերպայճանի տարածքին»։

Իրաւապաշտպան Արամ Վարդեւանեան. «Մարդասիրութիւնը համամարդկային արժէք է, բայց ան չի վերաբերիր Ազերպայճանին»

Ազգային ժողովի նախկին երեսփոխան, իրաւապաշտպան Արամ Վարդեւանեան ալ, ի միջի այլոց, կը գրէ.

«Սոյն “դատավարութիւնը“ իրաւաբանութիւն չէ, ան ծաղր է մարդասիրական նուազագոյն չափանիշերու նկատմամբ, բայց միջազգային հանրութիւնը լուռ է: Չէ եղած նոյնանման անմարդկային աստիճանի մէկ այլ իրավիճակ Եւրոպայի խորհուրդի (ԵԽ) անդամ որեւէ այլ երկրի մէջ, բայց Եւրոպայի խորհուրդը լուռ է։

Ողբերգական է, միջազգային հանրութեան լռութիւնը, անհեթեթութիւն է, որ մեր Հայրենակիցներու շահերը ո՛չ մէկ ձեւով կը պաշտպանուին այդ պարտականութիւնը կրող օրուան պաշտօնատարներուն կողմէ»: 

Աղօթք գերիներուն համար

Յունուար 19-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերու առաջնորդանիստ եկեղեցիներուն մէջ յընթացս պատարագի աղօթք կը բարձրացուի առ Աստուած՝ Ազերպայճանի կողմէ գերեվարուած եւ Պաքուի մէջ շինծու մեղադրանքներով ապօրինաբար բանտարկուած Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու, զինուորականներու, քաղաքացիական անձանց համար։

Դատական յաջորդ նիստը՝ Յունուար 21-ին։ 

***

Ինչպէ՞ս հանգիստ քնանալ, երբ կը մտածենք մեր Սուրբ ԱՐՑԱԽ հողին կորուստին եւ մեր հազարաւոր գաղթականներուն մասին, որոնք վտարուեցան իրենց նախնիներու հողերէն։ Ինչպէ՞սշարունակել բնականոն կեանքը, երբ կը մտածենք մեր հազարաւոր հերոսաբար զոհուած զինուորներուն, մեր հազարաւոր դաժանօրէն սպանուած, գլխատուած, նուաստացուածքաղաքացիներուն մասին։ Ինչպէ՞ս չունենալ ատելութեան զգացում, երբ գիտենք որ հարիւրաւոր հայ գերիներ, որոնք ձերբակալուած, առեւանգուած եւ բանտարկուած են Պաքուի բանտերուն մէջ, սա պահուս կը ցուցադրուին որպէս կրկէսի կենդանիներ եւ կամայականօրէն կը դատուին ազերպայճանական պետութեան քարոզչական դատարանին մէջ։ Ինչպէ՞ս չխելագարիլ, երբ կըմտածենք մեր բռնաբարուած, կտորկտոր եղած կիներուն կամ մեր եկեղեցիներուն եւ գերեզմանատուներուն մասին, որոնք պղծուեցան թշնամիին կողմէ։ Այս բոլորը՝ լրասփիւռներու եւմիջազգային հանրութեան խլացուցիչ լռութեան մէջ, որոնք փաստօրէն յանցակից են Ալիեւի բռնապետական վարչակազին։

Փա՜ռք մեր պատանդներուն եւ գերիներուն, որոնք անխղճօրէն լքուեցան բոլորին կողմէ։