ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ. Հասանով հրամանատարներու հետ քննարկած է Արցախի եւ Հայաստանի հետ սահմանի իրավիճակը

Յուլիս 29-ին, Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են անոր տեղակալները, զօրքերու հրամանատարները, նախարարութեան գլխաւոր վարչութիւններու պետերը։

Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ «խորհրդակցութեան տեսակապով մասնակցած են նաեւ “ազատագրուած տարածքներ”-ու (ընդգծումը՝ մեր կողմէ) մէջ տեղակայուած զօրամիաւորներու հրամանատարները»։

Հասանով բարձրաստիճան զինուորականներուն հետ քննարկած է «իրավիճակը Ղարաբաղի տնտեսական գօտիին մէջ, ուր առժամեայ տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները, եւ հրամայած է պատրաստ ըլլալ որեւէ պահու անմիջապէս վճռական միջոցներով կանխելու թշնամիի կողմէ գրգռութիւններու փորձերը»։

Խմբագրական