Ազերպայճան մեղադրած է Ֆրանսան՝ Պաքուի եւ Երեւանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը «խոչընդոտելու» յանցանքով

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ բանաձեւին ընդունումը, որ կ՚ենթադրէ Պաքուի դէմ պատիժներ։ Ան մեղադրած է Ֆրանսան՝ Պաքուի եւ Երեւանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը «խոչընդոտելու» յանցանքով։

«Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած բանաձեւը բացարձակ հեռու է ճշմարտութենէն, կը պարունակէ կեղծ եւ զրպարտիչ դրոյթներ եւ կը կրէ բացայայտ գրգռիչ բնոյթ, կը ծառայէ Ազերպայճանի ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը խաթարելու։

Ո՛չ մէկ իրաւական ուժ ունեցող սոյն բանաձեւը յստակօրէն ցոյց կու տայ Ֆրանսայի կողմնակալ եւ միակողմանի քաղաքական կեցուածքը։ Հոն նշուած մտացածին պնդումները կ՚ապացուցեն, որ անոր հեղինակներուն յայտնի չեն պատմական փաստերն ու տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակը։ Ինչ կը վերաբերի այսպէս կոչուած “Լեռնային Ղարաբաղ” տարազին մասին, անգամ մը եւս յիշեցնենք, որ Ազերպայճանի՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքը հանդիսացող Ղարաբաղեան շրջանը մեր երկրին անբաժանելի մասն է, այնտեղ բնակող հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը Ազերպայճանի ներքին գործն է, եւ անոնց անվտանգութիւնը կ՚ապահովուի Ազերպայճանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան համապատասխան։ Խրախուսելով Հայաստանի վրէժխնդիր ուժերը՝ Ծերակոյտի այս բանաձեւը չի ծառայեր տարածաշրջանի անվտանգութեան, խախաղութեան եւ կայունութեան»,– նշուած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Նշենք, որ բանաձեւի քննարկումէն առաջ Ազերպայճանի առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւա ցուցադրաբար հրաժարած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «բարի կամքի» դեսպանի լիազօրութիւններէն՝ միաժամանակ կազմակերպութեան ղեկավար Օտրէ Ազուլէն մեղադրելով՝ կազմակերպութեան մէջ Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը վարելու յանցանքով:

Կապուեցէք այս էջին ամբողջական պարունակութիւնը տեսնելու համար։

Եթէ չունիք բաժանորդագրութիւն, կրնաք այստեղ արձանագրուիլ՝