Յունիս 24-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով Պաքուի մէջ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններէ ետք կայացած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, թէ Ազերպայճանի և Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին ձգձգումը լուրջ վտանգներով յղի է։
“Ազերպայճանի կեցուածքն այն է որ՝ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար եռակողմ բոլոր յայտարարութիւններու ամբողջական իրականացումը բացարձակապէս անհրաժեշտ է եւ կը համարուի ամբողջ տարածաշրջանի զարգացման բանալին։ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու գործընթացը չի կրնար ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջնորդական ձեւաչափին պատանդը դառնալ։ Մենք չենք կրնար կեդրոնանալ «գոյութիւն չունեցող» (ընդգծումը՝ մեր կողմէ) ձեւաչափի վրայ”,– ըսած է ազերի նախարարը։
Ան միեւնոյն ատեն նշած է, թէ ազերպայճանական կողմը չէ հրաժարած Մինսքի խումբին հետ շփումներէն եւ գործակցութենէն։ Ըստ Պայրամովի՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք իրենք միջնորդներէն խնդրած են նոր իրավիճակին մէջ գործողութիւններու ծրագիր ներկայացնել։ “Անկէ յետոյ Մինսքի խումբին հետ շփումները շարունակուեցան տարի մը եւս, սակայն, ցաւօք, համանախագահներէն առաջարկներ չստացանք”,– աւելցուցած է ազերպայճանցի նախարարը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։