Ազերպայճանի Սապունչիի շրջանային դատարանը արցախցի 62-ամեայ Ռաշիտ Բեգլարեանը դատապարտած է 15 տարի ազատազրկման։ Լուրը կը հաղորդեն ազերպայճանական լրասփիւռները, նշելով թէ ան իր 15 տարուան պատիժէն 10-ը պիտի կրէ խիստ պայմաններու մէջ։
Տուժողի դերով հանդէս եկողները դատարանէն պահանջած են ամէնէն խիստ պատիժը, անոնցմէ մէկը նոյնիսկ ցկեանս բանտարկութիւն առաջարկած է։
Յուլիս 11-ի դատական նիստին, դատարանի ներկայացուցիչը յայտնած է, թէ Բեգլարեան չի տառապիր հոգեկան հիւանդութենէ, բուժման կարիք չունի, գիտակից է։
Դատարանը յայտարարած է դատաքննութեան աւարտը. Բեգլարեան չէ առարկած։
Ազերպայճանական լրասփիւռներու համաձայն՝ Բեգլարեան ընդունած է իր «յանցանքը», ըսելով, թէ 1990-ականներուն զօրակոչուած է բանակ՝ իբրեւ վարորդ։
«Կը ցաւիմ, որ մասնակցած եմ մարտերուն, կը խնդրեմ դատարանին ինծի համար մեղմ պատիժ նշանակել»,– ըստ այդ նոյն աղբիւրներուն ըսած է Բեգլարեան։
Յիշեցնենք, որ Ռաշիտ Բեգլարեան 2023 Օգոստոս 1-ին Աղաւնոյ գիւղին մօտակայքը մոլորուելով յայտնուած էր Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ եւ ձերբակալուած։ Արցախի ԱԱԾ-ն օրին յայտնած էր, թէ 1962-ին ծնած Ռաշիտ Բեգլարեան, վերջին օրերուն գտնուելով Շուշիի շրջանի Հին Շէն գիւղը, ոգելից խմիչքի ազդեցութեան տակ դուրս ելած էր գիւղէն, մոլորուած եւ յայտնուած Ազերպայճանի կողմէ վերահսկուող տարածքին մէջ ու ձերբակալուած:
Ազերպայճանի մէջ զինք կը մեղադրեն պետական սահմանի խախտումի, «Խոճալուի ջարդերուն» մասնակցութեան եւ այլն յանցանքներով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։