Օգոստոս 19-ին, պետական այցով Պաքու գտնուող Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Ազերպայճանի իր պաշտօնակցին հետ գլուխ-գլխի հանդիպումին յայտարարած է, թէ «Ռուսաստան ուրախ կ՚ըլլայ, եթէ կարողանայ օժանդակել Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրութեան եւ երկու երկիրներու միջեւ սահմանի զատման հոլովոյթին»։
Ան նաեւ ընդգծած է, թէ Մոսկուա պատրաստ է մասնակցելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն։
“Ռուսաստանի պատմական ներգրաւումը Հարաւային Կովկասի հարցերուն մէջ մեզի կը թելադրէ այդ իրադարձութիւններուն մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը, ի հարկէ, այնքանով որքան կը պահանջեն կողմերը”,– ըսած է Փութին աւելցնելով, թէ Ալիեւի հետ հանդիպումէն ետք կը կապուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ տեղեակ կը պահէ Մոսկուա-Պաքու բանակցութիւններու արդիւնքներուն մասին։
Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բանակցային հոլովոյթին մէջ Մոսկուայի միջնորդութիւնը վերականգնելու փափաքի մասին Փութինի յայտարարութենէն քանի մը վայրկեան յետոյ, ռուսական «Իզվեստիա» պարբերականը հրապարակած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովի հետ հարցազրոյցը, ուր վերջինս ըսած է, թէ բանակցութիւններու ռուսական հարթակը Պաքուի համար ընդունելի է, աւելին՝ ան պնդած է, թէ վերջին շրջանին Երեւանն է, որ անհամաձայնութիւն յայտնած է այդ հարթակին։
“Ազերպայճանի եւ Երեւանի միջեւ բանակցութիւններուն մենք կ՚օգտագործենք ուղղակի երկկողմ ձեւաչափը, բայց երբեք չենք հրաժարած նաեւ տարբեր հարթակներէն։ Ռուսաստանի հարթակը մեզի համար միշտ ընդունելի եղած է եւ բնականաբար այսուհետեւ եւս մենք պատրաստ ենք օգտագործելու տուեալ հարթակը”,– յայտարարած է ան։
Ըստ Պայրամովի՝ Ազերպայճանի նպատակը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է, բայց Երեւանի «անհիմն պահանջները» պէտք է վերացուին «իրաւաբանօրէն հիմնաւորուած ձեւով»։
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւ Ռուսաստանի իր պաշտօնակցին հետ բանակցութիւններէն ետք յայտարարած է, թէ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի կայունութիւնը մեծապէս կախեալ է Պաքուի եւ Մոսկուայի փոխադարձ գործակցութենէն։
Ան նշած է, թէ նախագահ Փութինի հետ գլուխ-գլխի հանդիպումին մանրամասնօրէն քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր։
Այս առթիւ նշենք նաեւ որ Ռուսաստանի նախագահը Ազերպայճան այցելութեան՝ ծնրադիր յարգանք մատուցած է հայր Ալիեւի՝ Հեյտար Ալիեւի յիշատակին, անոր դամբարանին առջեւ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։