Ազերպայճան վերադարձուցած է 17 հայ ռազմագերիներ

 

Հոկտեմբեր 4-ին, ազերպայճանական կողմը, ամերիկեան միջնորդութեամբ, Հայաստանին վերադարձուցած է Սեպտեմբեր 13-ի բախումներէն ետք գերեվարուած 17 հայ զինուորներ։ 

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է հայրենադարձուած ռազմագերիներու անունները։