Search
Close this search box.

«Ազերպայճան Ֆրանսայէն կը պահանջէ դադրեցնել տարածաշրջանի կայունութիւնը խաթարող գործողութիւնները»

Ազերպայճանական Azertac լրատու կայքը Յունուար 6-ին կը գրէր.

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Այխան Հաճիզատէի համաձայն՝ Ֆրանսայի նախագահին նոր անհիմն մեղադրանքները Ազերպայճանի հասցէին ու իրական փաստերը խեղաթիւրող գրգռիչ յայտարարութիւնները անընդունելի են։

“Ֆրանսա, որ կը ներկայանայ որպէս միջազգային իրաւունքի պաշտպան, երբեք չէ քննադատած Ազերպայճանի նկատմամբ Հայաստանի գործած միջազգային իրաւունքի չափանիշերու եւ սկզբունքներու կոպտագոյն խախտումը, ցեղային զտման քաղաքականութիւնը, զանգուածային ջարդերը եւ մարդկութեան դէմ ոճիրները։

Անգամ մը եւս կը յիշեցնենք Ֆրանսային, որ Ազերպայճանի՝ իր ինքնիշխան տարածքներուն վրայ միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն ու սկզբունքներուն համապատասխան մղած պատերազմը՝ բացառապէս հայկական բռնագրաւման վերջ տալու նպատակով էր։

Մինչ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պայմաններ հաստատուած են, մենք խստօրէն կը դատապարտենք Ֆրանսայի այս գրգռիչ յայտարարութիւնները, որոնք կասկածի տակ կը դնեն Ազերպայճանի ինքնիշխանութիւնը իր տարածքներուն նկատմամբ, Հայաստանը կը նախապատրաստեն վրիժառութեան, շարունակելով այդ երկրի զանգուածային սպառազինումը։

Անդրծովեան տարածքներուն մէջ Ֆրանսայի գործունէութեան ձախողման պատճառները,– որոնք անոր նենգ նորգաղութատիրական քաղաքականութեան դրսեւորումն են,– Ազերպայճանին վերագրելը՝ ապացոյն է այդ երկրի ձախող քաղաքականութեան։ Ֆրանսա փոխանակ մեղադրելու այլ երկիրներ, աւելի լաւ կ՚ընէր դասեր քաղելով իր արտաքին քաղաքականութեան անձեռնհասութենէն։

Մենք կը պահանջենք, որ Ֆրանսա դադրեցնէ իր գործողութիւնները, որոնք չեն նպաստեր խաղաղութեան եւ կը խաթարեն տարածաշրջանի կայունութիւնը”,– եզրափակած է Այխան Հաճիզատէ։