Search
Close this search box.

Ազնաւուրի եւ Փարաջանովի 100-ամեակները ընդգրկուած են ԻՒՆԷՍՔՕ-ի օրացոյցին մէջ

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր համաժողովի Նոյեմբեր 7-22 Փարիզի մէջ տեղի ունեցած 42-րդ նստաշրջանին որոշում կայացուած է Շառլ Ազնաւուրի եւ Սերգէյ Փարաջանովի ծննդեան 100-ամեակի յոբելեանները՝ Կազմակերպութեան Հռչակաւոր անձերու եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու 2024-2025 օրացոյցին մէջ ընդգրկելու վերաբերեալ:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ազնաւուրի 100-ամեակին դիմումը ներկայացուած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի կողմէ՝ Անտորրայի, Իտալիոյ, Լիւքսեմպուրկի, Մոնաքոյի, Փորթուկալի, Սենեկալի եւ աւելի քան 80 անդամ ունեցող ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Ֆրանսախօութեան դեսպանական խումբին աջակցութեամբ։ Իսկ Փարաջանովի 100-ամեակի յոբելեանի վերաբերող դիմումը ներկայացուած է Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ուքրաինայի կողմէ՝ ստանալով Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Լիբանանի եւ Լեհաստանի աջակցութիւնը։