Search
Close this search box.

Ազնաւուրի յուշարձանին համար յայտարարուած մրցոյթը շահած է Դաւիթ Մինասեանի «Լա Պոհեմ» քանդակը

Շառլ Ազնաւուրի յուշարձանին համար յայտարարուած բաց մրցոյթի դատակազմը 60-է աւելի դիմումներ ու 100-է աւելի մանրակերտերու տարբերակներէն ընտրութիւն կատարած է: Երեւանի քաղաքապետարանի մամլոյ վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Դաւիթ Մինասեանի հեղինակած «Լա Պոհեմ» ստեղծագործութիւնը շահած է մրցոյթը։ Երկրորդ տեղը կը գրաւէ Արմենակ Վարդանեանի քանդակը, որ խրախուսական դրամական պարգեւի կ՚արժանանայ:

Նշենք, թէ յուշարձանը պիտի տեղադրուի Երեւանի՝ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ։