Աթաթիւրքի նկարով դպրոցական պայուսակներ՝ Երեւանի խանութներուն մէջ

 

Անհաւատալի, բայց՝ իրա՛ւ…

Լրագրող Արմինէ Մելքոնեան Դիմագիրքի իր էջին հրապարակած է լուսանկար մը եւ կից՝ հետեւեալ տողը․- «Հրէն բաց դաշտում կովն արածում է առանց յիշողութիւնների, իսկ հորթին երէկ են մորթել…»:

Լրագրողի հրապարակած լուսանկարին մէջ կ՚երեւին դպրոցական պայուսակներ` Թուրքիոյ հիմնադիր եւ Հայերու կոտորածներու կազմակերպիչներէն Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի պատկերով, եւ անոր ստորագրութեամբ, որու հեղինակը, ի դէպ, պոլսահայ լեզուաբան Յակոբ Մարթայեանն է (Տիլաչար):