Գրականագէտ, գրող, թարգմանիչ Ալեքսանտր Թոփչեանի «Պանք Օթոման» վէպը 2024-ին հրատարակուած է չեխերէն՝ «Հայ գրականութիւնը թարգմանութիւններու մէջ» ծրագրի ծիրէն ներս՝ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի համագործակցութեամբ։
«Պանք Օթոման»-ի առանցքին կը գտնուի 19-րդ դարավերջին՝ 1896 Օգոստոս 14-ին խումբ մը հայ երիտասարդներու՝ Օսմանեան դրամատան գրաւման պատմութիւնը։ Գիրքը միաժամանակ կը ներկայացնէ արեւմտահայութեան ծանր կացութիւնը համիտեան ժամանակաշրջանին:
Թոփչեանի՝ 2008-ին լոյս տեսած վէպը թարգմանուած եւ հրատարակուած է ռումաներէն (2010), ֆրանսերէն (2011), ռուսերէն (2012), պարսկերէն (2019), սերպերէն (2019), լատվերէն (2021) եւ մակեդոներէն (2023), որոնց շարքը ամբողջացուցած է չեխերէնը։ 2009-ին Պէյրութի «Արծիւ» հրատարակչութիւնը վէպը լոյս ընծայած է նաեւ դասական ուղղագրութեամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։