Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի Յունիս 15-ին ստորագրած կարգադրութեամբ «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան խումբ մը երեսփոխաններ գործուղուած են Պոլիս:
Կարգադրութեան մէջ նշուած է, թէ՝ Միջխորհրդարանական միութեան՝ գաղթի հարցերու նուիրուած համաժողովի աշխատանքներուն մասնակցելու համար որոշուած է Յունիս 19-էն 22 Պոլիս գործուղել Ազգային ժողովի երեսփոխաններ Յասմիկ Յակոբեանը, Ծովինար Վարդանեանը, ինչպէս նաեւ ԱԺ աշխատակազմի արտաքին կապերու վարչութեան միջազգային կազմակերպութիւններու բաժինի գլխաւոր մասնագէտ Զաբելա Ղազարեանն ու ԱԺ-ի աշխատակազմի ղեկավար-ընդհ. քարտուղար Վ. Նարիբեկեանը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։