Ալէն Սիմոնեան.– «Այս ընդդիմութիւնն ամենացածր օրինականութիւն ունեցող ընդդիմութիւնն է մեր պատմութեան մէջ» 

 

Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան լուրջ չի համարեր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու՝ Ազգային ժողովի նիստը պոյքոթի ենթարկելը եւ Ազգային ժողովէն դուրս քննարկումներ կազմակերպելը։ «Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ Ազգային ժողովի մէջ Սեպտեմբեր 12-ին լրագրողներու հետ ասուլիսին Ա. Սիմոնեան յայտնած է, թէ ընդդիմութեան այդ քայլը վնաս չի հասցներ Խորհրդարանի աշխատանքներուն, որովհետեւ Ազգային ժողովը  ունի ամենաբարձր օրինականութիւնը։

“Իսկ ընդդիմութիւնը, կարելի է ասել, ամենացածր օրինականութիւնը ունեցող ընդդիմութիւնն է մեր պատմութեան մէջ։ Մի հատ էլ թող այլընտրանքային պետութիւն հիմնեն”,– աւելցուցած է ան։

«Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները Ազգային ժողովի նիստին չեն ներկայացած՝ փոխարէնը «Հայաստանի իրական օրակարգը» խորագրով քննարկում կազմակերպած են։

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան Իշխան Սաղաթէլեան քննարկման ժամանակ յայտարարած է, որ Հայաստանի իրական եւ առաջնահերթ օրակարգը Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ապահովումն է, որ կը պահանջէ ազգային պետական ուղեգիծի հաստատում: Ան նշած է, որ իրենք Հայաստանի քաղաքացիներէն լիազօրուած են այս օրակարգը պաշտպանելու համար: